1 Corinthians 10
1 Եղբայրնե՛ր, մի՛ մոռնաք որ Եգիպտոսէն ելլող մեր հայրերը բոլորն ալ ամպին առաջնորդութեան եւ պահպանութեան տակ էին եւ բոլորն ալ Կարմիր ծովէն անցան,
2 եւ Մովսէսի հետեւելով՝ բոլորն ալ մկրտուեցան ամպին եւ ծովուն մէջ։
3 Բոլորն ալ նոյն հոգեւոր ուտելիքը կերան
4 եւ բոլորն ալ նոյն հոգեւոր ըմպելիքը խմեցին, որովհետեւ խմեցին հոգեւոր ժայռէ մը՝ որ իրենց հետ կ՚երթար. եւ այդ ժայռը Քրիստոս ինքն էր։
5 Բայց անոնց մեծագոյն մասը հաճելի չեղաւ Աստուծոյ, ուստի անոնց դիակները անապատին մէջ տարտղնուեցան։
6 Այս բաները պատահեցան՝ իբրեւ օրինակ մեզի, որպէսզի չար բաներու չցանկանք, ինչպէս անոնք ցանկացին.
7 եւ ո՛չ ալ կուռքեր պաշտենք, ինչպէս անոնցմէ ոմանք պաշտեցին, Սուրբ գիրքին վկայութեան համաձայն, որ կ՚ըսէ. «Ժողովուրդը նստաւ, կերաւ ու խմեց, եւ ելաւ պարեց կուռքին առջեւ»։
8 Չըլլա՛յ նաեւ որ պոռնկութիւն ընենք, ինչպէս անոնցմէ ոմանք ըրին, որուն համար ալ մէկ օրուան մէջ քսանչորս հազար հոգիներ ինկան մեռան։
9 Եւ չըլլայ որ Տէրը փորձենք, ինչպէս անոնցմէ ոմանք փորձեցին եւ այդ պատճառով ալ օձերէն խայթուելով՝ սպաննուեցան։
10 Կամ չըլլայ որ տրտնջանք, ինչպէս անոնցմէ ոմանք տրտնջացին եւ Մահուան Հրեշտակին ձեռքով կոտորուեցան։
11 Այս բոլորը անոնց պատահեցան՝ իբրեւ օրինակ գալիքին, եւ գրուեցան՝ իբրեւ ազդարարութիւն մեզի, որ ժամանակներու վախճանին մօտեցեր ենք։
12 Ահա թէ ինչու, ով որ կը կարծէ թէ կանգուն է՝ թող զգոյշ ըլլայ որ չիյնայ։
13 Ձեր կրած փորձութիւնները մարդկային սահմաններէն դուրս փորձութիւններ չեն։ Բայց վստահեցէ՛ք Աստուծոյ. անիկա թոյլ պիտի չտայ որ ձեր կարողութենէն աւելի փորձուիք, այլ՝ փորձութեան մէջ իսկ ցոյց պիտի տայ զայն յաղթահարելու միջոցը, որպէսզի կարենաք տոկալ։
14 Հետեւաբար, սիրելինե՛րս, կռապաշտութենէ հեռո՛ւ փախէք։
15 Ձեզի կը խօսիմ՝ իբրեւ գիտակից մարդոց. դո՛ւք դատեցէք ինչ որ կ՚ըսեմ։
16 Երբ կը խմենք օրհնութեան այն բաժակէն՝ որ Տիրոջ Ընթրիքի յիշատակին կ՚օրհնենք, միթէ Քրիստոսի արեան հաղորդուած չե՞նք ըլլար։ Եւ երբ կը ճաշակենք այն հացէն՝ որ կը բեկանենք, միթէ Քրիստոսի մարմինին հաղորդուած չե՞նք ըլլար։
17 Մենք բոլորս մէկ հաց, մէկ մարմին ենք, որովհետեւ նոյն եւ միակ հացէն կը ճաշակենք։
18 Նայեցէ՛ք Իսրայէլի ժողովուրդին. անոնք որ իրենց մատուցած զոհերէն կը ճաշակեն՝ Աստուծոյ հաղորդակից չե՞ն ըլլար։
19 Արդ, այս օրինակը առի՝ հետեւեալը ըսելու համար։ Ո՛չ կուռքերուն զոհուած կերակուրը կարեւորութիւն մը ունի, ո՛չ ալ կուռքը նշանակութիւն մը ունի։
20 Բայց որովհետեւ հեթանոսներ ինչ որ կը զոհեն՝ դեւերուն կը զոհեն, եւ ոչ՝ Աստուծոյ, չեմ ուզեր որ դուք դեւերուն հաղորդակից եղած ըլլաք։
21 Որովհետեւ կարելի չէ՛ որ Տիրոջ բաժակէն խմէք եւ միաժամանակ խմէք դեւերու բաժակէն։ Նոյնպէս, կարելի չէ որ Տիրոջ սեղանէն ճաշակէք եւ միաժամանակ ուտէք դեւերու սեղանէն։
22 Ի՞նչ է, Տիրոջ արդար զայրո՞յթը շարժել կ՚ուզենք. միթէ իրմէ աւելի զօրաւո՞ր ենք։
23 Ամէն ինչ արտօնուած է ինծի, բայց ամէն ինչ օգտակար չէ։ Ամէն ինչ արտօնուած է ինծի, բայց ամէն ինչ չ՚օգներ ուրիշներու հաւատքը ամրապնդելու։
24 Ոեւէ մէկը միայն ինքզինք թող չմտածէ, այլ նաեւ՝ իր ընկերոջ մասին։
25 Ոեւէ միս որ շուկային մէջ կը ծախուի՝ կերէք, առանց խղճմտանքի հարց հանելու։
26 Որովհետեւ «Աշխարհը իր ամբողջութեամբ Տիրոջ կը պատկանի»։
27 Եթէ հեթանոս մը ձեզ ճաշի հրաւիրէ եւ ուզէք երթալ, ի՛նչ որ ձեր առջեւ դրուի՝ կերէք, առանց խղճի հարց հանելու։
28 Իսկ եթէ պատահի որ մէկը ձեզի ըսէ. «Ատիկա կուռքերուն զոհուած միս է», այդ պարագային մի՛ ուտէք, այն մարդուն համար՝ որ ձեզի յայտնեց, որպէսզի խղճի հարց չծագի։
29 Խղճի հարց ըսելով՝ ձեր սեփականը չեմ հասկնար, այլ՝ ձեր ընկերոջը։ Բայց ուրիշ ոեւէ պարագայի՝ ինչո՞ւ ուրիշին խղճմտանքը իմ ազատութիւնս պիտի կաշկանդէ։
30 Եթէ ես Աստուծոյ շնորհակալութիւն յայտնելով կ՚ուտեմ, ինչո՞ւ պիտի մեղադրուիմ ուտելիքի մը պատճառով՝ որուն համար շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Աստուծոյ։
31 Հետեւաբար, թէ՛ կերած–խմած ատեն եւ թէ՛ ոեւէ ուրիշ պարագայի՝ կը բաւէ որ ամէն ինչ Աստուծոյ փառքին համար ընէք։
32 Գայթակղութեան պատճառ մի՛ ըլլաք՝ ո՛չ Հրեաներուն, ո՛չ հեթանոսներուն եւ ո՛չ ալ Աստուծոյ եկեղեցիին ։
33 Ճիշդ այնպէս՝ ինչպէս ես կը փորձեմ բոլորն ալ սիրաշահիլ։ Ո՛չ թէ իմ անձիս օգուտը կը փնտռեմ, այլ՝ բոլորինը, որպէսզի փրկուին։